2012-02-23 12:43:55

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Տասն­եօթերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (8)
Երկինքը եւ երկնաւոր արարածները

Հարցում թիւ 54. Ի՞նչ են հրեշտակները։
Հրեշտակները Աստուծոյ լոկ հոգեւոր արարածներն են, որոնք ունին խելք եւ կամք։ Մարմնաւոր արարծներ չեն, անմահ են եւ ընդհանրապէս տեսանելի չեն։ Ապրելով միշտ Աստուծոյ ներկայութեան, անոնք կը հաղորդեն մարդոց Աստուծոյ կամքը եւ անոր պաշտպանութիւնը։
Կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր կը գրէր. ՙՀրեշտակը կը նմանի Աստուծոյ անձնական մտածումին ինծի հանդէպ՚։ Հրեշտակները միշտ ամբողջովին ուղղուած են դէպի զիրենք Ստեղծողը։ Սիրով կ՛այրին իրեն համար եւ իրեն կը ծառայեն գիշեր ցորեկ։ Սուրբ Գրքին մէջ, անկեալ հրեշտակները կը կոչուին սատանաներ։
Հարցում թիւ 55. Կարելի՞ է յարաբերութեան մէջ մտնել հրեշտակներու հետ։
Այո. Կարելի է զանոնք օգնութեան կանչել եւ խնդրել իրենց բարեխօսութիւնը մեզի համար, Աստուծոյ առջեւ։
Աստուած պահապան հրեշտակ մը տուած է իւրաքանչիւր մարդկային արարածի։ Լաւ է եւ ողջամիտ աղօթել պահապան հրեշտակին, ինքիրեն եւ ուրիշներու համար ալ։ Հրեշտակները կրնան նաեւ իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել` իրենք իրենցմէ, քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ, զոր օրինակ` իրենց օգնութիւն մատուցանելով եւ կամ պատգամ մը հաղորդելով։ Իսկ հաւատքի հետ բնաւ կապ չունին հոգեխօսական շահատակութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.